2017-05-08 09:20:00

Էմանուէլ Մաքրոն` Ֆրանսայի Նախագահ


Ֆրանսացի քուէարկողները երէկ ուղղուեցան քուէարկութեան կեդրոններ` ընտրելու համար իրենց երկրին յաջորդ նախագահը: Ամբողջ Եւրոպան ուշադրութեամբ հետեւեցաւ ընտրութեան, որովհետեւ անոր արդիւնքը կրնայ ազդել Եւրոպական Միութեան ապագային վրայ:

Աւելի քան 50.000 ոստիկաններ հսկեցին ընտրութեան անվտանգութեան: Մաքրոնի յաղթանակին պարագային տօնախմբութեան վայր ճշդուած Լուվրի շրջանէն քաղաքացիները կարճ ժամանակ մը տարհանուեցան, երբ վայրին մէջ կասկածելի պայուսակ մը յայտնաբերուեցաւ: Նախքան այդ, ֆրանսական ոստիկանութիւնը յայտարարած էր, որ կը փնտռէ երեք կասկածելիներ, որոնք շատ հաւանաբար մտադիր էին ահաբեկչական յարձակում գործել ընտրութեան ընթացքին:

Երկու թեկնածուները կիրակի օր կը գտնուէին երկրին հիւսիսը: Մաքրոն քուէարկեց Լը Թուքէյի մէջ` իր տան մօտ, իսկ Լը Փեն` Ազգային ճակատ կուսակցութեան ամրոց նկատուող Հենան-Պոմոնի մէջ: Երկու մրցակիցները աւելի ուշ վերադարձան Փարիզ:

Կեդրոն¬աջ «Յառաջ» շարժումի ղեկավար Էմանուէլ Մաքրոն քուէներուն 66,1 առ հարիւրը ապահովելով ընտրուեցաւ Ֆրանսայի նախագահ: Անոր մրցակիցը` ծայրայեղ աջակողմեան Ազգային ճակատ կուսակցութեան ղեկավար Մարին Լը Փեն ապահովեց քուէներուն 33,9  առ հարիւրը:

Մասնակցութեան համեմատութիւնը 74,1 առ հարիւր էր:

39 տարեկան Մաքրոն Ֆրանսայի պատմութեան ամէնէն երիտասարդ նախագահն է:

Ֆրանսայի վարչապետ Պեռնար Քազանէով յայտարարեց, որ ֆրանսացի ժողովուրդը Եւրոպայի սրտին մէջ մնալ ընտրեց: Գերմանական կառավարութիւնը իր կարգին յայտնեց, որ Մաքրոնի յաղթանակով Ֆրանսան պիտի մնայ Եւրոպայի սրտին մէջ: Փարիզի մեծ մզկիթի իմամը յայտնեց, որ Մաքրոնի յաղթանակը Ֆրանսայի իսլամներուն յոյս կը ներշնչէ:

Մաքրոն իր յաղթանակէն ետք առաջին յայտարարութեան մէջ ըսաւ. «Յոյսի եւ վերականգնուած վստահութեան նոր էջ մը կը բանանք»:








All the contents on this site are copyrighted ©.